Հանգուցյալ Դավիթ արքեպիսկոպոս Սահակյանը` մանկապի՞ղծ. Le progres

Փարիզ հրապարակուող «Նոր Յառաջ» պարբերականը  ֆրանսական աղբիւրէ մը առնելով իր տեղեկութիւնը Լիոնի թեմէն ներս առկայ սքանատալի  մը մասին գրած է: Թերթը, որ իր տեղեկութիւնը առած է ֆրանսական «Le Progrès»-էն գրած է, թէ «մինչ Լիոնի թեմը  մանկամոլութեան ծանրակշիռ պնդումներ կը դիմագրաւէ այս օրերուն, այլ գայթակղութիւն մըն ալ ի յայտ եկաւ Հայց. Եկեղեցիէն ներս:

Եւ խօսքը կը վերաբերի Դաւիթ Արք. Սահակեանին, որու վախճանման լուրն ալ առջի օր տուինք թերթիս սիւնակներուն մէջ»: «Նոր  Յառաջ» շարունակելով  իր մէջբերումը  նաեւ նկատել տուած է, թէ 22 Յուլիս 2013-ին երիտասարդ մը, բողոք ներկայացուած էր սեռային յարձակման եւ բռնաբարման ենթարկուելու պնդումներով, որոնք ըստ պնդողին գործուած էին 1990-ին Երուսաղէմի մէջ, այն տարիներուն երբ Դաւիթ. Արք. հոն կը պաշտօնավարէր: Ըստ լուրին դէպքերու ժամանակ 13 տարեկան զոհը մանրամասնօրէն պատմած է իրեն պարտադրուածները: 2015 Յունուար 22-ին հայ հոգեւորականը քննութեան ենթարկուած է եւ ձեռնարկուած է դատական հետաքննութեան:

Իսկ  22 Փետրուար 2016-ին  դատախազութիւնը իր ամբաստանագիրը վերջնական յայտարարելով գործը փոխանցած է Պատժական դատարան՝ 15 տարեկանէն երիտասարդ անչափահասի դէմ սեռային յարձակման ամբաստանութեամբ: Այն պահուն երբ կը սպասուէր, որ քննիչ դատաւորը արտայայտուի այդ դատին մասին, Սահակ Արք. վախճանած է:Թերթը կը գրէ թէ Դաւիթ Արք.ի վախճանումով այս հարցը կրնար փակուիլ: Բայց, զոհը՝ ոմն Հրայր, որոշած է հարցը տարածել ընկերային ցանցերու վրայ, որպէսզի ան բարձի թողի չըլլայ եւ ըստ իր փաստաբանին՝ մէթր Պուվիէ-Լը Պառի՝ «որպէսզի նման բաներ անգամ մըն ալ չկրկնուին»:

«Le Progrès» կը գրէ նաեւ որ Լիոնի հայ համայնքի ներկայի հոգեւոր հովիւը շշմած է այս լուրով: Թերթը կ’աւելցնէ, թէ զոհը կ’ամբաստանէ այլ երկու հոգեւորականներ եւս նոյն պատճառներով, շեշտելով թէ սեռային այդ յարձակումները շարունակուած են մինչեւ իր 19 տարեկան հասակը:

«Արևելք»

Տեսանյութեր

Լրահոս