ՌԱԿ-ն ազգային մեծ ակնկալիքներով ողջունում է Նիկոլ Փաշինյանի ընտրությունը ՀՀ վարչապետի պաշտոնում
Ռամկավար Ազատական կուսակցության Կենտրոնական վարչությունը շնորհավորել է Նիկոլ Փաշինյանին՝ ՀՀ վարչապետի պաշտոնում ընտրվելու կապակցությամբ, և ակնկալել, որ Նիկոլ Փաշինյանը Հայաստանի, Արցախի և Սփյուռքի գերագույն շահերն ավելի բարձր կգնահատի, քան որևէ քաղաքական կամ անձնական նկատառում: Այս մասին տեղեկացրին կուսակցության մամուլի ծառայությունից:
Շնորհավորագրի մեջ նշված է. «Յարգելի Պրն. Փաշինեան,
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս անկեղծ բարեմաղթութիւններով ու ազգային մեծ ակնկալիքներով կ՛ողջունէ ձեր ընտրութիւնը ՀՀ Վարչապետի պատասխանատու պաշտօնին:
Դուք այս պաշտօնը կը ստանձնէք Հայաստանի մէջ նոր սահմանադրութեամբ հաստատուած խորհրդարանական կառավարման համակարգին շէմին, պարագաներու պարտադրած բոլորիս յայտնի դժուարութիւններով ու մարտահրաւէրներով առլցուն:
Մենք մօտէն հետեւեցանք ձեր ընտրութիւնը նախորդող շրջանին ձեր կողմէ առաջնորդուած ժողովրդային շարժումին ու ձեր վրայ մեծ յոյսեր կապած հայրենի ժողովուրդին ընկերա-տնտեսական իրավիճակը փոխելու ձեր տուած խոստումներուն: Մենք օրին կոչեր հրապարակեցինք փոխադարձ հանդուրժողութեան ու ձեր պայքարը սահմանադրութեան եւ օրէնքի շրջագիծին մէջ յառաջ տանելու կենսական կարեւորութիւնը շեշտելով: Այսօր մենք բարձր կը գնահատենք այս ուղղութեամբ ձեր կատարած ճիգը՝ հայրենիքը հեռու պահելու նախատեսելի ու աննախատեսելի վտանգներէ եւ լաւատես ենք, որ մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը կարեւոր չափով շրջանցած են զայն:
Հայաստանի մէջ վերջին շրջանին ընթացող քաղաքական զարգացումները լուրջ փորձութիւն էին ինչպէս հայ քաղաքական բոլոր ուժերուն, նաեւ՝ մեր կուսակցութեան համար: Զանոնք յաղթահարելը լուրջ աշխատանքի ու քաղաքական հասունութիւն կ’ենթադրէին: ՌԱԿ այսօր անցած է այդ քննութիւնը ու արժանաւորապէս յաղթահարած:
Դուք Ձեր կարգին վայելեցիք հրապարակ ելած Հայ ժողովուրդի զաւակներուն վստահութիւնը, որ մեծ պատիւ մը ըլլալով հանդերձ ձեզ կը դնէ լուրջ պարտաւորութիւններու դէմ յանդիման: Մենք կ’ուզենք լաւատես ըլլալ որ դուք ազգային բարձր գիտակցութեամբ պիտի կարենաք գլուխ հանել ձեզի վստահուած առաքելութիւնը:
Մեր ակնկալութիւնն է , որ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի գերագոյն շահերը դուք աւելի բարձր կը գնահատէք քան ոեւէ քաղաքական կամ անձնական նկատառում, բան մը, որ կը կարծենք, թէ ուղեցոյցը պէտք է հանդիսանայ ձեր ապագայի գործունէութեան եւ յառաջացնէ քաղաքական մշակոյթի կարեւոր դրական զարգացում մը մեր հայրենիքին մէջ:
Համաժողովրդային հանրաքուէով որդեգրուած ՀՀ նոր սահմանադրութիւնը՝ նախագահական, գործադիր, օրէնսդիր եւ դատական իշխանութիւններու տարանջատումը նկատի առած է: Այս յստակ եւ քաղաքակիրթ երկիրներու օրէնսդրութեանց հետ համահունչ իշխանութիւններու անջատումը տուեալ իշխանութիւններուն հզօրացման եւ անձեռնմխելիութեան պիտի սատարէ, որուն աւելի եւս հաստատման եւ իրագործումին մէջ ձեր ստանձնած նոր եւ պատասխանատու պաշտօնը ունի կարեւոր դեր:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան աշխարհասփիւռ անդամակցութեան անունով դարձեալ ջերմօրէն կ՚ողջունենք Ձեր ընտրութիւնը։ Այս առիթով, կ՛ուզենք շեշտել, որ աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ը ո՛չ մէկ առնչութիւն ունի ՀՀ մէջ նոյն անունով վերջին տարիներուն արձանագրուած կուսակցութեան մը հետ որուն դէմ, մենք բարձր գնահատելով Հայրենիքի դատական համակարգը, դիմած ենք դատաիրաւական հետապնդումի:
Վերջապէս, կը մնայ շեշտել, որ 97-ամեայ աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ը էր ու պիտի պիտի մնայ զօրակիցն ու նեցուկը Հայրենի պետականութեան ու պիտի շարունակէ դրականօրէն սատարել Հայ ժողովուրդի գոյատեւման ու բարօրութեան ինչպէս նաեւ հայրենաշինութեան վեհ առաքելութեան:
Ի Դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Սեւակ Յակոբեան – Ատենադպիր
Սերխիօ Նահապետ – Ատենապետ»: