Բաց նամակ` Հայաստանի Հանրապետութեան անարժան վարչապետին

«Կիպրահայեր» ֆեյսբուքյան էջը հրապարակել է Աղաւնի  Սարեանի բաց նամակը` Հայաստանի Հանրապետութեան անարժան վարչապետին՝

«Այլեւս բա՛ւ է: Դանակը հասաւ ոսկորին: Տարիներ շարունակ հայրենիքին, Հայ դատին եւ ֆրանսահայութեան համար աշխատած ու պայքարած Մուրատ Փափազեանին կ՛արգիլուի Հայաստան մուտք գործել:

Հայրենիքին դռները կ՛ուզես բանալ թուրքերուն առջեւ եւ կը մերժես հայրենասէր գործիչի մուտքը: Թուրքերո՞վ կ՛ուզես պաշտպանուիլ հայրենասէրներէն: Քու արարքներդ կը փաստեն, որ ոչինչ սորված ես հայոց պատմութենէն:

Պատասխանատու ես`

– Արցախի կորուստին,

– Հազարաւորներու մահուան,

– Թշնամիին` հայրենիք թափանցումին,

– Ժողովուրդի պառակտումին:

Եթէ հայոց պատմութիւնը լաւ կարդացած ըլլայիր, կ՛իմանայիր, թէ քեզի նման ժամանակաւոր իշխանութիւն ստանձնողները ինչպէս կը հեռանային քաղաքական բեմէն»:

ԱՂԱՒՆԻ ՍԱՐԵԱՆ

Կիպրոս, 15 յուլիս 2022

Տեսանյութեր

Լրահոս