«Պետական մակարդակով կիրականացուին». Սումկայիթի եւ Պաքուի ջարդերը դատապարտող ցոյց՝ Ուաշինկթընի մէջ. «Ասպարեզ»

ՀԵԴ-ի, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի «Անի» ուխտին կազմակերպութեամբ, 25 Փետրուարին տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ՝ ի յիշատակ 1988ին Ատրպէյճանի կողմէ Սումկայիթի, Կիրովապատի, Պաքուի եւ այլ շրջաններու մէջ իրականացուած ջարդերու զոհերուն։

Ցուցարարները անդրադարձան նաեւ անցեալ տարի, Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան՝ նշելով, որ այս բոլոր իրադարձութիւնները Ատրպէյճանի կողմէ պետական մակարդակով իրականացուող հակահայ քաղաքականութեան դրսեւորումներ են։ Անոնք նաեւ կոչ ըրին համայնքին՝ քայլերու ձեռնարկելու եւ աջակցելու Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ քաջալերուող ջանքերուն՝ Պաքուի դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու եւ Թուրքիայէն ու Ատրպէյճանէն ամերիկեան ներդրումները ետ քաշելու նպատակով:

Տեսանյութեր

Լրահոս

Լուրերի օրացույց

Փետրվար 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիրակի
« Հունվար   Մարտ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
26272829