Մինչև Ե՞րբ Պիտի Դիմանայ Արցախի Հայութիւնը
Զարմանալի լռութիւն եւ համատարած անդամալուծում կը տիրէ համայն աշխարհի հայութեան մօտ՝ երբ արցախահայութիւնը կը մարտնչի շրջափակման եւ անոր աղէտալի հետեւանքներուն դէմ: Մինչեւ ե՞րբ պիտի դիմանայ արցախահայութիւնը սովին եւ բնաջնջման սպառնալիքին:
Նկատի ունենալով հայ ժողովուրդին թշնամիին կողմէԲերձորի միջանցքին արհեստական պատճառներով փակումին հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկային աղէտը եւ հիմնուելով իր ազգային-հայրենասիրական առաքելութեան վրայ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութիւնը, որոշեց անմիջական օժանդակութեան ձեռք մեկնել իր հայրենի հողին վրայ ամուր կանգնած արցախահայութեան:
Առ այս, Ս. Ծննդեան առիթով որպէս սրտաբուխ նուէր, Վարչութիւնս Արցախի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի համակարգին մէջ աշխատած եւ պատերազմի զոհ դարձած հայորդիներու 100 ընտանիքներու, 10,000 ամ. տոլարի նիւթական օժանդակութիւն մը պիտի փութացնէ, որպէսզի անոնք իրենց բաժին ինկած գումարով կարենան շրջանցել իրենց զաւակներուն ու ծնողներուն տարրական կենցաղային դժուարութիւնները:
Այս ուղղութեամբ ԹՄՄ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան Հայաստանեան Ներկայացուցչութեան տնօրէնն ու նախաձեռնութեան առնչակից պատասխանատուներ, Չորեքշաբթի 4 Յունուար 2023ին այցելեցին Հայաստանի մէջ Արցախի հանրապետութեան Օփերատիւ շտապի շէնք, ուր հանդիպեցան Արցախի նախագահի Սփիւռքի հարցերով խորհրդական – Յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ՝ Տիկ. Ազատուհի Սիմոնեանին հետ, համակարգելու համար նուէրներուն փոխանցումը:
Հանդիպման ներկայ, «Վահան Թէքէեան» սոցիալ-մշակութային հիմնադրամի նախագահ Վահէ Դարբինեան սրտաբուխ քայլով մը, Մարտակերտի Զարդախաչ գիւղի դպրոցին նուիրեց համակարգիչ մը եւ տպիչ սարք:
Պէտք է նշել, որ այս նախաձեռնութիւնը նախերգանքն է աւելի ընդլայնուած օժանդակութեան քայլի մը, որուն համար Վարչութիւնս անմիջապէս պիտի ձեռնարկէ լայնածաւալ նուիրահաւաքի մը, կողքին կանգնելու համար Արցախի մեր սիրելի հայրենակիցներուն:
Յոյսով ենք, որ մեր այս նախաքայլը խթան կը դառնայ ու խայծ մը կը հանդիսանայ համահայկական օժանդակութեան զօրաշարժի մը, հասնելու շրջափակման տակ գտնուող Արցախի քաջարի ժողովուրդին կարիքներուն:
Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու
եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութիւն