ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան Պատգամը՝ Միութեան Հիմնադրութեան 102ամեակին Առիթով
։ԵՐԹԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ՅՈՅՍՈՎ, ՀԱՒԱՏՔՈՎ ԵՒ ԱՆՍԱՀՄԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒՄՈՎ
Տօնական տրամադրութիւններէ ամբողջովին հեռու, մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար օրհասական պայմաններու մէջ, կը նշենք ՀՄԸՄի հիմնադրութեան 102ամեակը։
102 տարի առաջ, այս օրերուն, նորանկախ Հայաստանի հետ ծնունդ կ’առնէր Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը՝ ՀՄԸՄը, անմիջապէս լծուելով Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ հազարաւոր որբերու փրկութեան, դաստիարակութեան եւ հոգեմտաւոր կազմաւորման աշխատանքին։
ՀՄԸՄը ծնունդ կ՛առնէր հայրենիքէն հեռու, Պոլսոյ մէջ, սակայն առաջին օրէն անիկա կը ձեռնարկէր հայրենի ժողովուրդի, պետականութեան եւ բանակին օժանդակութեան գործին, հաւատարիմ իր նշանաբանին՝ «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»-ին եւ սկաուտական խոստումին՝ ազգին ու Հայրենիքին ծառայելու պարտաւորութեան։
Ծառայութեան ճամբուն վրայ ՀՄԸՄ Հայաստանին կը ներկայացնէր իր լաւագոյն տարրերը՝ փորձառու խմբապետներն ու սկաուտները, որոնք կը յաջողէին գաղթական, որբ ու թշուառ պատանիներէն ստեղծել «Կամաւոր բանակ»ը հայոց նորագոյն պատմութեան։
Բանակ մը, որ պիտի գործէր անդուլ եւ անվհատ, Հայրենիքի մէջ եւ Հայրենիքի խորհրդայնացումէն ետք՝ Հայրենիքէն դուրս, հայկական Սփիւռքի տարածքին, ամէնուրեք պահապանն ու պաշտպանը հանդիսանալով միութեան դաւանած արժէքներուն եւ հայ ժողովուրդի սրբազան նպատակներուն։
Այսպէս, Մայիս 28ը, Եռագոյն դրօշը, անկախ Հայրենիքը, հողահաւաքը եւ հայահաւաքը պիտի հանդիսանային ՀՄԸՄի «Կամաւոր բանակ»ին առաջնորդող սկզբունքները, որոնցմով հասակ պիտի առնէին եւ միութենական դաստիարակութիւն ստանային «Կամաւորական բանակ»-ի յաջորդական սերունդները, իրենց շարքերէն ծնունդ տալով նուիրեալներու, հայ ժողովուրդի ազգային հպարտութիւն ներշնչող դէմքերու եւ անձնազոհ նահատակներու՝ Վահան Չերազէն մինչեւ Վարդգէս Տէր Կարապետեան, Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան ինքնապաշտպանութեան ճակատներուն վրայ ինկած հերոսներէն մինչեւ Արցախեան առաջին պատերազմի նահատակները՝ Վարդան Բախշեանն ու Վաչէ Ռոստոմեանը, Վիգէն Զաքարեանն ու Յակոբ Առուստամեանը։
Ներկան տարբեր չէ երէկուան իրականութենէն։ Արցախեան նորագոյն պատերազմին ՀՄԸՄի «Կամաւոր բանակ»ը դարձեա՛լ պատնէշի վրայ է եւ իր համահայկական կառոյցով դերակատար ու մասնակից է «Լինել-չլինելու» համահայկական մեր պայքարին։
ՀՄԸՄ աշխարհասփիւռ իր 111 մասնաճիւղերով զօրաշարժի մէջ է 27 Սեպտեմբերի առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, Արցախի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի իր բովանդակ կարողականութիւնները ի սպաս դնելով պատերազմին յաղթական ելքին։
Սփիւռքի մէջ, ՀՄԸՄ հայկական դեսպանատուներու, Հայ Դատի մարմիններու եւ տեղական պատասխանատու կառոյցներու հետ գործակցաբար, մասնակից է թուրք-ազրպէյճանական պատերազմը դատապարտող ցոյցերուն եւ քարոզչական այլազան նախաձեռնութիւններուն։ ՀՄԸՄի մասնաճիւղեր կը կատարեն դաստիարակչական-տեղեկատուական հսկայական աշխատանք՝ ընկերային ցանցերով իրենց շարքերն ու համակիր շրջանակները տեղեակ պահելու համար Արցախեան պատերազմի վերջին նորութիւններուն։ Սկաուտներ ու մարզիկներ նամակներ կը գրեն հայկական բանակի զինուորներուն, անդամական շարքեր լիաբուռն կը մասնակցին «Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամ»ի եւ Արցախի օժանդակութեան համար կատարուող դրամահաւաքներուն։ Բոլորը, անխտի՛ր բոլորը կ’աշխատին՝ յանուն Արցախին եւ յանուն հայութեան։
Արցախի մէջ, Յուլիս 2019ին հիմնուած ՀՄԸՄի դեռատի մասնաճիւղը արդէն իսկ իր արեան տուրքը տուած է արիւնալի պատերազմին, նահատակութեան բագինին ընծայելով մասնաճիւղի անդրանիկ վարչութեան անդամ եղբ. Արտակ Իշխանեանը։
Մինչ Հայաստանի մէջ, հսկայական ու հերոսական աշխատանք կը կատարեն ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի մասնաճիւղերը՝ պատերազմի առաջին օրէն ձեռնարկելով բազմաճիւղ աշխատանքի։ Արդարեւ, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութիւնը ժողովրդային հանգանակութեամբ կ’ապահովէ եւ ռազմաճակատ կ’ուղարկէ հայ զինուորին անհրաժեշտ հանդերձեղէն եւ պահածոյ ուտելիքներ։ Վարչութիւնը կը հոգայ Արցախէն ժամանակաւորապէս Հայաստան տեղափոխուած 500 ընտանիքի պարէնային եւ տնտեսական անմիջական անհրաժեշտութեան ապրանքներ։ Ու նաեւ, վարչութիւնը կը կազմակերպէ սկաուտական եւ գայլիկական տարիքի արցախցի երեխաներու ընկերային-դաստիարակչական ծրագիրներ։
Այս բոլորը կը կատարուին նիւթական մեծ զոհողութիւններով, կազմակերպչական գնահատելի ջանքով եւ ծառայութեան անսպառ ոգիով։ Կը կատարուին սկաուտներու կողմէ, որոնց պատասխանատուներէն շատերը, իբրեւ հայկական բանակի զինուորագրեալ անդամներ, Արցախի պաշտպանութեան համար իրենց ամէնէն թանկագինը՝ գարուն կեանքերը կը զոհաբերեն հայրենիքին ու հայութեան։ Այդ խմբապետներէն ու պատասխանատուներէն հինգը այսօր արդէն կ’ապրին երկրորդ կեանքով, որ կը կոչուի անմահութիւն։ Վարչական եղբայր Գէորգ Հաճեան, սկաուտներ Գրիգոր Ղազարեան, Էրիկ Գալստեան, Արտակ Մարտիրոսեան եւ Հայկ Դերիկլեան մահուամբ մահուա՛ն յաղթելով այլեւս կը պատկանին ՀՄԸՄի եւ հայութեան անմահ հերոսներու փաղանգին, իրենց կեանքով ու օրինակով դառնալով ներշնչման աղբիւր գալիք սերունդներուն։
Արդ, իր հիմնադրութեան 102ամեակը միութեան անմահներու յիշատակին նուիրելով, ՀՄԸՄի ընտանիքը վաղը կը խոնարհի իր հին ու նոր բոլոր հերոսներու սխրանքներուն դիմաց եւ աշխարհով մէկ կազմակերպուած հոգեհանգստեան պաշտօններով եւ հաւաքներով կու գայ հաստատելու, որ իւրաքանչիւր նահատակի հետ մեծցած է պատասխանատուութեան իր բաժինը՝ հանդէպ իր ժողովուրդին եւ անոր բազմաչարչար հայրենիքին։
ՀՄԸՄ կու գայ հաստատելու նաեւ, որ ան պիտի շարունակէ 1918ին սկսած իր երթը՝ յոյսով, հաւատքով եւ անսահման նուիրումով, որպէսզի մինչեւ հիմնադրութեան յաջորդ տարեդարձ, եւ նորանոր ամեակներ, հայութեան «Կամաւոր բանակ»ը կարենայ Եռագոյն դրօշը հպարտօրէն կոթողել «Կատարն հայրենի լերանց հեռագոյն»։ Ու որպէսզի կիսատ չմնայ Վարդանին, Վիգէնին, Գէորգին, Արտակին եւ ՀՄԸՄական բոլոր նահատակներուն գործը եւ անպայման, ուշ կամ կանուխ, ազգովին նշենք մեր Մեծ յաղթանակը, յանուն մեր նահատակներուն, յանուն մեր վաղուան օրուան, յանուն մեր պետականութեան եւ Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանին։