Աստուծոյ ծածուկ ողորմութիւնները
Ամբողջ օր մը անցնելէդ յետոյ, կը դժուարանա՞ս գտնել պատճառ մը որուն համար արժէ շնորհակալ ըլլալ Աստուծոյ։ Անպատճառ որ պատճառներ կան։ Քրիստոս որ թելադրեց գաղտնի ընել ողորմութիւնը (Մտ 6.4), ի՛նք նաեւ, ի՛ր կարգին գաղտնի կ՚ընէ շատ մը ողորմութիւններ, որ ընդհանրապէս մեր ուշադրութենէն կը վրիպին։ Եկո՛ւր յիշենք իր ըրած «գաղտնի» ողորմութիւններէն մէկ քանին, եւ գոհութիւն յայտնենք իրեն անոնց համար։
Գիտե ՞ս արդեօք օրական քանի՛ անգամ Չարին կողմէ վրադ արձակուած նետերը ետ կը մղէ Քրիստոս։ Գիտե՞ս օրական քեզի դէմ պատրաստուած քանի՛ փորձութիւններ կը խափանէ։ Գիտե՞ս օրական քեզի դէմ նիւթուած քանի՛ չար ծրագիրներ կը խանգարէ։ Կը մտաբերե՞ս փրկութեանդ համար իր մնայուն հսկողութիւնը։ Ո՞վ է աննինջ կերպով վրադ հսկողը գիշեր ու ցերեկ։ Ո՞վ է քեզ քայլ առ քայլ կատարելութեան եւ սրբութեան առաջնորդողը։ Ո՞վ է քեզ աստիճանաբար իր Որդիին նման դարձնողը։ Այս բոլորը Աստուած գաղտնաբար չ՚ը՞ներ ամէն օր։ Ուրեմն, մի՛ մոռնար այս բոլորին համար շնորհակալ ըլլալու Աստուծոյ։
Կ՚ապրինք աշխարհի մը մէջ ուր հետզհետէ մարդիկ կը դառնան աւելի եսակեդրոն։ Իւրաքանչիւր մարդ միայն ինքնիր մասին կը մտածէ։ Շնորհակալ եղիր Աստուծոյ եթէ երբեք այսօր որպիսութեամբդ, առողջութեամբդ եւ կամ գործիդ յաջողութեամբ հետաքրքրուողի մը հանդիպեցար։ Շնորհակալ եղիր եթէ այսօր մէկը անոյշ խօսք մը ըսաւ քեզի, քաղցր ժպիտ մը ցոյց տուաւ, բարեկամական վերաբերմունք մը ցուցաբերեց, ցաւերդ լսելու համար՝ ականջը տուաւ, սիրտդ ամոքելու համար՝ իր սիրտը բացաւ, քեզի համար աղօթելու խոստում տուաւ, քու կողքիդ ըլլալու պատրաստակամութիւն յայտնեց, քեզի օգնելու արտորաց, յոյս ու հաւատք ներշնչող խօսք մը արտասանեց, կամ պարզապէս քանի մը վայրկեան տրամադրեց քեզի հետ ըլլալու համար։ Ասոնք Աստուծոյ ծածկաբար կատարած ողորմութիւններուն շարքին են։
Եթէ դուն ապաշխարած մը չես եւ այս առաւօտ արթնցար, յիշէ՛ որ այս վայրկեանին կրնայիր մեռած ըլլալ եւ դժոխք նետուած։ Հետեւաբար, շնորհակալ եղիր Աստուծոյ որ մեռնելով՝ դժոխք չես նետուած։ Շնորհակալ եղիր որ օր մը եւ առիթ մը եւս քեզի տուաւ որ դարձի գաս։ Շնորհակալ եղիր քեզի հանդէպ իր ցուցաբերած համբերութեան համար։
Տակաւին, շնորհակալ պէտք չէ՞ ըլլաս Աստուծոյ այն հրեշտակներուն համար որոնք ամէն վայրկեան իր կողմէ կը ղրկուին օգնելու համար քեզի, դուն՝ որ փրկութիւնը պիտի ժառանգես (Եբր 1.14)։ Շնորհակալ պէտք չէ՞ ըլլաս Քրիստոսի, Սուրբ Հոգիին, Աստուածամօր, սերովբէներուն եւ քերովբէներուն, սուրբերուն, արդարներուն, Յաղթական Եկեղեցւոյ անդամներուն եւ երկինքը լեցնող բոլոր հոգեղէն էակներուն քեզի համար կատարած բարեխօսութիւններուն համար։
Պէ՞տք է մոռնաս շնորհակալ ըլլալ Աստուծոյ այն խոնարհ եւ համեստ հաւատացեալներուն համար, հոգեւոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար, հոգեւոր խմբակներուն եւ եղբայրակցութիւններուն համար, որոնք ամէն օր կ՚աղօթեն աշխարհի խաղաղութեան, եկեղեցիներու միութեան, հիւանդներու բժշկութեան, մեղաւորներու դարձին, եւ Աստուծոյ ողորմութեան համար։
Ո՛վ գիտէ թէ քանի՜ քանի՜ հազարաւոր մենակեացներ, վարդապետներ, ճգնաւորներ, ապաշխարողներ, ծածկուած աշխարհի տեսողութենէն՝ ծածուկ կերպով կ՚աղօթեն մեղաւոր մարդոց փրկութեան եւ Աստուծոյ թագաւորութեան երկրի վրայ հաստատման համար։ Ասոնց համար շնորհակալ պէտք չէ՞ ըլլաս Աստուծոյ։ Այսպիսի հոգեւոր մարդիկ իրե՛նք է որ աշխարհ կանգուն կը պահեն իրենց ներկայութեամբը այս աշխարհին մէջ։ Յիշէ որ Աստուած պատրաստ էր չկործանելու Սոդոմն ու Գոմորը եթէ երբեք տասը արդարներ գտնուէին այդ քաղաքներուն մէջ (Ծն 18.32)։ Այսօր, շա՛տ է թիւը Քրիստոսի արիւնով արդարացած այն մարդոց՝ որոնց ներկայութիւնը թոյլ չի տար Աստուծոյ, կրակով փճացնելու ապականութեամբ լի այս աշխարհը։ Ահա ճի՛շդ այս աստուածապաշտ մարդոց համար է որ շնորհակալ պէտք է ըլլաս։
Չմոռնաս շնորհակալ ըլլալ Աստուծոյ քրիստոնեայ ընտանիքի մը մէջ ծնած ըլլալուդ համար։ Կրնայիր հեթանոս ընտանիքի մը մէջ ծնած ըլլալ։ Քրիստոսի անունը կրելը փառք ու պատիւ է քեզի համար։ Շնորհակալ եղիր որ երկինքի ու երկրի Տէրը եղող Քրիստոսի անունը կը կրես, բայց աշխատիր Քրիստոսի սիրող սիրտն ու քաղցր հոգին ալ կրել։
Շնորհակալ եղիր որ Յիսուսի նման քաղցր ու գթած Փրկիչ մը ունիս։ Փառք տուր Տիրոջ որ թէպէտ բարձր է, բայց խոնարհդ կը տեսնէ (Սղ 138.6)։ Օրհնէ զԱստուած որ թէպէտ հզօր է, բայց տկարդ չ՚արհամարհեր (Յոբ 36.5)։ Շնորհակալ եղիր Աստուծոյ որ անտարբեր չէ ցաւիդ հանդէպ, այլ ցաւի մէջ եղած ատենդ՝ ի՛նքն ալ կը ցաւի (Ես 63.9)։ Շնորհակալ եղիր Յիսուսի «որ կրնայ հասկնալ մեր տկարութիւնները եւ կարեկցիլ, քանի ի՛նչ բաներով որ մենք կը փորձուինք՝ ինք եւս փորձուած է, առանց սակայն մեղանչելու» (Եբր 4.15)։
Շնորհակալ եղիր Աստուծոյ իր գեղեցիկ ստեղծագործութեան համար, իր պարգեւած կանաչութեան, անձրեւին, արեւին, օդին, ջուրին, ցօղին, արգասիքին, բնութեան եւ տարուան եղանակներուն համար։
Ի վերջոյ, շնորհակալ եղիր Աստուծոյ որ ինծի ժամանակ ու կարողութիւն տուաւ գրելու այս գիրքը։ Շնորհակալ եղի՛ր որ այս գիրքը այժմ քու ձեռքերուդ մէջ է եւ կը կարդաս։ Շնորհակալ եղի՛ր կարդալ կարենալու կարողութեանդ համար։
Եթէ շնորհակալութեամբ եւ երախտագիտութեամբ լեցուն սիրտ մը ունիս՝ անոր համար ալ շնորհակալ եղիր, իսկ հիմա, միացի՛ր ինծի, օրհներգելու Տէր Յիսուսի օրհնեալ անունը, որ վեր է բոլոր երկինքներէն եւ որ քաղցրութիւնն է բոլոր երկինքներուն։ Ամէն։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից
surbzoravor.am
