Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոսն այցելել է ազգային հերոս Սողոմոն Թեհլերյանի դամբարան

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոսն այցելել է ազգային հերոս Սողոմոն Թեհլերյանի դամբարան. տեղեկացնում են Կիլիկիո կաթողիկոսությունից և մանրամասնում.
«Ֆրեզնոյի «Արարատ» գերեզմանատունը կը հանդիսանայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող հայկական պատմական վայրերէն մէկը։ Հոն իրենց յաւիտենական հանգիստը գտած են հայ ազգի արդի պատմութեան մեծանուն դէմքերէն ոմանք։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ֆրեզնօ իր կեցութեան ընթացքին, ընկերակցութեամբ հայրապետական շքախումբին, Հինգշաբթի, 6 Նոյեմբեր 2025-ի առաւօտեան, այցելեց յիշեալ գերեզմանատունը։
Նորին Սրբութեան գլխաւորութեամբ հոգեւոր դասը հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեց՝ ի խաղաղութիւն հայ ազգի քաջամարտիկ նահատակներու եւ մշակոյթի ծառայողներու հոգիներուն, մասնաւորաբար ազգային հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանին, որ 1921 թուականին ահաբեկեց հայ ազգի Ցեղասպանութեան գլխաւոր դահիճն ու պատասխանատուն՝ Թալէաթ Փաշան, ինչպէս նաեւ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին, որ եղած է հայոց պատմութեան առաջատար գիտնականներէն մէկը եւ գրագէտ Ուիլիամ Սարոյեանին, որ եղած է միջազգայնօրէն ճանչցուած հայ ազգի գրագէտ»։

Տեսանյութեր

Լրահոս