
Փաշինյանի հետ հանդիպմանը Շահան Սրբազանն իր մտահոգությունն է հայտնել ներկա իրավիճակի վերաբերյալ

ՅԱՆՈՒՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Կաթողիկոսարանիս «Կիլիկիա» Մատենադարանի մատենադարանապետ` Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան Երեւանի մէջ մշակութային ծրագիրով կարգ մը հանդիպումներ ունեցաւ, եւ այդ առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ընտրութեան եւ գահակալութեան նուիրուած յատուկ նկարազարդ քաթալոկը յանձնեց Հայաստանի նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանին, ինչպէս նաեւ Արտաքին Գործոց Նախարարին ու Խորհրդարանի նախագահին (անոնց քարտուղարութեանց ճամբով) եւ յառաջիկայ օրերուն պիտի փոխանցէ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին, նախկին նախագահներէն` Ռոպեր Քոչարեանին եւ Սերժ Սարգիսեանին, ինչպէս նաեւ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին։
Հինգշաբթի, 16 Հոկտեմբեր 2025֊ին, Երեկոյեան, Շահան Սրբազան Մաշտոցեան մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեանի հետ այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։
Անոնք հանդիպման ընթացքին քննարկեցին «Կիլիկիա» Մատենադարանի եւ Հայաստանի մշակութային կեդրոններու հետ գործակցութեան տարբեր մակարդակներու մասին եւ այդ ծիրէն ներս Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Մաշտոցեան Մատենադարանի գործակցութեան ներկայ հանգրուանին:
Այս առիթով, սրբազան հայրը պարոն վարչապետին փոխանցեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրանետին 30-ամեակին նուիրուած յատուկ քաթալոկը։
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութեան։ Շահան սրբազան յանուն Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, իր մտահոգութիւնը յայտնեց ներկայ կացութեան գծով եւ շեշտեց պետութիւն-եկեղեցի գործակցութեան կարեւորութիւնը։
Միաժամանակ ան արծարծեց հոգեւորականներու ձերբակալութեան հարցը եւ այդ գծով անհրաժեշտ լուծումներ որոնելու հրամայականը։
Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոսարան