
Ծագումով հայ Սուր Շրջանի յամայնաքպետ Ֆաթմա Պարութը ձերբակալուած է. arevelk.am

arevelk.am-ը գրում է. «Թուրքիա- Թուրքիոյ մէջ ընթացող ռազմական գործողութիւններուն զ«ուգահեռ, Թուրքիոյ իշխանութիւնները շղթայազերծած են լայնածաւալ ձերբակալութիւններու: Ըստ «Երկիր Մէտիա»ին Տիգրանակերտի Սուր եւ Սիլվան արուարձաններուն մէջ կատարուած զինուորական գործողութիւններուն ընթացքին ձերբակալուած են շրջաններու ղեկավարները: Ձերբակալուածներու շարքին են Սուրի համաքաղաքապետները՝ Սէյիտ Նարին եւ Ֆաթմա Պարութ, Սիլվանի համաքաղաքապետները՝ Եուքսել Պոտաքճը եւ Մելիքշահ Թեքեն:
Նշենք, որ Սուրի շրջանը վերջերս ինքնավարութիւն հաստատելու մասին յայտարարութիւն մը կատարած էր: Այդ քաղաքի ձերբակալուած ղեկավար Ֆաթմա Պարութ ծագումով հայ է եւ չի ծածկեր իր հայկական ինքնութիւնը: Օգոստոսի սկիզբը կայացած Համահայկական խաղերուն ընթացքին ան իր զաւակներուն եւ կողակիցին հետ այցելած էր Հայաստան: Երկար ժամանակէ ի վեր Սուրի քաղաքապետարանի ցուցանակին վրայ նաեւ հայերէն լեզուով գրութիւններ աւելցուած են»: