Անցնող տարին մեր ժողովուրդի կեանքին երկնակամարը ամպամած էր, յատկապէս Հայաստանի մէջ. Արամ Ա
2026 ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԱՏՈՒՑՈՒԵՑԱՒ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ. տեղեկանում ենք Կիլիկիո կաթողիկոսության Ֆեյսբուքի էջից:
«Աստուածային օրհնութեամբ թեւակոխեցինք 2026 Նոր Տարին՝ մեր ետին թողնելով անցեալը՝ իր դժուարութիւններով ու յաջողութիւններով, տխրութիւններով ու երջանկութիւններով։ Նոր Տարին մեր առջեւ կը բացուի նոր յոյսերով ու սպասումներով, նոր ծրագիրներով ու օրհնութիւններով։

Արդարեւ, 2026 նոր տարուան առաջին օրը՝ Հինգշաբթի, 1 Յունուարի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ տարուան անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու, դպրեվանեցիներու ու հաւատացեալներու։ Պատարագիչն էր Հոգշ. Տ. Դաւիթ Աբղ. Ասայեան։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, վեհարանի դահլիճին մէջ համախմբուելով՝ Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Կարապետեան թարգմանը հանդիսացաւ ներկաներուն եւ ընթերցեց ուղերձ մը։ Ողջունելէ ու շնորհաւորելէ ետք Վեհափառ Հայրապետը, միաբան հայրերն ու ներկաները՝ ըսաւ, թէ գեղեցիկ է տարուան առաջին ողջոյնը ստանալ եկեղեցիէն՝ Տիրոջ տունէն։ Ուստի, եկէք Քրիստոսի սիրով ողջունենք իրար, որ իր մէջ կ՚ընդգրկէ խաղաղութիւն, որ աշխարհի տուած խաղաղութենէն տարբեր է։

Հայր սուրբը անդրադարձաւ հայրապետական հռչակագիրին՝ «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի»ին կարեւորութեան՝ ﬔր ընտանիքներու, ﬔր կառոյցներու ու կազմակերպութիւններու եւ մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։ Աւարտին, ան յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռի զինուորագրեալ ﬕաբաններուն եւ հաւատաւոր ժողովուրդին, շնորհաւորեց Հայրապետին Նոր Տարին՝ մաղթելով ընդ երկար գահակալութիւն, կատարեալ առողջութիւն, նոր ծրագիրներու յաջողութիւն եւ ալեկոծ ծովերուն դիմաց յաջող նաւավարութիւն։

Ապա, Նորին Սրբութիւնը իր հայրապետական պատգամը յղեց։ Ան փառք ու գոհութիւն առաքեց Ամենակալին, որ մեզ տարի մը եւս արժանացուց իր անսահման օրհնութեան ու սիրոյն։ Հայրապետը անդրադարձաւ նոր տարուան խորհուրդին եւ անկէ եկող պատգամին։ Ան ըսաւ, որ նոր տարին առիթ է վերատեսութեան ենթարկելու մեր կեանքը եւ սրբագրելու այն ինչ որ սխալ էր։
Նոր տարին իւրաքանչիւր անհատի, կազմակերպութեան եւ ազգի համար վերանորոգուելու հրաւէր է՝ Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ Անոր Միածին Որդւոյն աշխարհ բերած երկնային շնորհներով, ճշմարտութիւններով ու արժէքներով։ Անցնող տարին մեր ժողովուրդի կեանքին երկնակամարը ամպամած էր, յատկապէս Հայաստանի մէջ. մաղթանքս ու աղօթքս է, որ մեզմէ հեռանան ամէն տեսակ մութ ամպեր եւ մեր կեանքը լեցուի գարունով, նոր մտածումներով։

Թող մեր կեանքը շաղախուի եղբայրական սիրով, ազգային, ընդհանրական եւ գերագոյն արժէքներով ու իտէալներով։
Մաղթանքս է նաեւ, որ բացուող նոր տարին մեր ժողովուրդին համար ըլլայ նոր իրագործումներով ու յաջողութիւններով լեցուն տարի մը՝ Հայրենիքէն սկսեալ մինչեւ սփիւռս աշխարհի։ Հետեւաբար, թող Ամենակալը մեր Հայրենիքը պահէ հզօր, մեր ազգը՝ անսասան, մեր եկեղեցին՝ պայծառ եւ մեր ընտանիքները՝ երջանիկ. հիւանդներուն պարգեւէ առողջութիւն, գործոց՝ յաջողութիւն եւ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն՝ երկար, երջանիկ ու առողջ կեանք, եզրափակեց իր պատգամը Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը»,- ասվում է հաղորդագրության մեջ։
