Մայր Աթոռը գրոհելը յայտնապէս ՀՀ իշխանութեանց օրակարգին մէջ է եւ ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԻ՛ ԱՐԱՍՑԷ որ նման բան իրօք կատարուի, յայնժամ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԸ կը դառնայ քաղաքական թատերաբեմ, անկանխատեսելի հետեւանքներով եւ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵԾ ԽԱՅՏԱՌԱԿՈՒԹԵԱՄԲ. Երան Կոյումջյան

Կիպրոսի «Ազատ խոսք» լրատվականի խմբագիր, հրապարակախոս Երան Կոյումջյանը գրում է. «ՍՐՏԻ ԽՈՐ ՑԱՒՈՎ՝ ԻՄ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՍ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑԻԻ գործերը կը լուծուին եկեղեցւոյ կողմէ, որ յայտնուեր է այսօր քաղաքական բռնաճնշումներու թիրախին: Օրէ օր հայ հանրութիւնը տագնապով կը սպասէ եկեղեցիին եւ եկեղեցականներուն դէմ նորանոր ոտնձգութիւններու, որոնց վերջը չերեւիր:

Եկեղեցին փակ կառոյց է եւ իր խնդիրները պէտք է լուծուին իր իսկ կողմէ, ըստ անոր կանոնակարգին, եւ պէտք չէ դառնան քաղաքական շահարկումներու առարկայ: Եկեղեցին հայուն ինքնութեան անբաժանելի մասն է եւ հոս գոնէ պառակտում ստեղծելը միայն թշնամիին օրակարգին կրնայ ծառայել:

Մայր Աթոռը գրոհելը յայտնապէս ՀՀ իշխանութեանց օրակարգին մէջ է եւ ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԻ՛ ԱՐԱՍՑԷ որ նման բան իրօք կատարուի, յայնժամ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԸ կը դառնայ քաղաքական թատերաբեմ, անկանխատեսելի հետեւանքներով եւ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵԾ ԽԱՅՏԱՌԱԿՈՒԹԵԱՄԲ:

ՁԵՌՔԵՐՆԻԴ ՀԵՌՈՒ ՊԱՀԵՑԷՔ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆԷՆ, որ կը մնայ դար ու դարեր ազգի ու հայրենիքի ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՍՐԲՈՑԸ:

ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ, ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ սրբութիւններուն, գերագոյն արժէքներուն ձեռք տալը, զանոնք վարկաբեկելը (իբր թէ բարեկարգելու համար) սրբապղծութիւն է:

Ի դէպ, Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ, ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԸ կը պատկանի համայն հայութեան եւ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ կաթողիկոսն է ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ: Մի ստորադասէք ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ տեսակէտն ու խորհուրդը»:

Տեսանյութեր

Լրահոս