Հայազգի պատգամավոր Գարո Փայլանը հարձակման է ենթարկվել

Shantnews.am-ը գրում է. ««Շաբաթ օրուան մայրեր» անունով նախաձեռնութեան հերթական հաւաքին ընթացքին Տիարպէքիր շրջանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան յարձակման ենթարկուած է։ Այս մասին լուրը կը փոխանցէ թրքական «Տոխուզ հապէր» կայքը։

Աղբիւրը նաեւ կը գրէ, որ Փայլան, որ տարբեր առիթներով ալ կը մասնակցի այդ հաւաքներուն թիրախ դարձած է ոստիկաններու յարձակման։

Տեղի ունեցած պոռչտուք, իսկ ինք Կարօ Փայլան բարձր ձայնով եւ պոռալով ըսած է «Այսօր դուք ամէն տեղ անզէն մարդոց վրայ ձեռք կը բարձրացնէք, կը հարուածէք ու կը բռնադատէք, բայց վստահ եղէք, որ օր մը այս վիճակն ալ պիտի փոխուի Թուրքիոյ մէջ, վստահ եղէք …»:

Նշենք, որ «Շաբաթ օրուան մայրեր» նախաձեռնութիւնը հիմնուած է այն մայրերուն կողմէ, որոնք վաղ ականներուն տարբեր պայմաններու տակ կորսնցուցած են իրենց քիւրտ եւ ալեւի զաւակներն ու թոռները։

Անոնք եղած դէպքերուն գլխաւոր պատասխանատուն կը համարեն Թուրքիոյ քէմալիստական կարգերը»։

https://www.facebook.com/FranceArmenie/videos/317404758995960/?t=0

Սագօ Արեյան

Տեսանյութեր

Լրահոս

Լուրերի օրացույց

Օգոստոս 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիրակի
« Հուլիս   Սեպտեմբեր »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031